Պելճիքայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

By Asbarez | Wednesday, 09 September 2015

 

0909beljique

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Պելճիքայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 8 Սեպտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Շիրակ Թորոսեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:


Երեսփոխանները ծաղիկներ զետեղած են 1915ի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի անմար կրակին շուրջ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Պատուիրակութեան անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացած են հայոց մեծ ողբերգութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմոյշներուն, արձանագրած են յուշամատեանին մէջ:

Պրիւքսէլի Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանի ղեկավար Ժիւլի տը Կրոթ նշած է, որ իրենք յառաջիկային այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ՝ որոշ առաքելութիւն ունին իրականացնելիք:

<<Մենք միացեալ ուժերով պէտք է որոշ խնդիրներու լուծումներ գտնենք>>, ըսած է ան։

comments