By Asbarez | Wednesday, 09 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 8 Սեպտեմբերին Կրոտնոյի մէջ (Պելոռուս) մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի փոխվարչապետ, Միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, փոխնախարար Սուրէն Կարայեան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու վարչապետները քննարկած են համարկման փոխգործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր։ Կառավարութիւններու ղեկավարները, հիմնականին մէջ քննարկած են ԵԱՏՄ ծիրին մէջ արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն, մեծ տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութեան ապահովման, ծառայութիւններու միասնական շուկայի ձեւաւորման, արտասահմանեան երկիրներու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր:
Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն՝ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ հայկական կողմը կ՛աջակցի ընդունման նիստի օրակարգին վրայ ներառուած եւ համաձայնեցուած փաստաթուղթերու նախագիծերուն, որոնք կ՛ընդգրկեն ԵԱՏՄի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներ: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ այն քայլերը, որոնք ուղղուած են արդիւնաբերական համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ։ Այս պարունակին մէջ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան հարուստ փորձառութիւնն ու մասնագիտացումը՝ Հայաստանի վարչապետը նշած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը Եւրասիական ճարտարագիտական կեդրոնի համար հարթակ տրամադրելու հարցին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան նաեւ կարեւոր նկատած է մեծ տնտեսական եւ դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման գծով փոխհամաձայնեցուած փորձառութեան փոխանակումը:
ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին Հայաստանի վարչապետին առաջարկով որոշուած է յաջորդ նիստը գումարել Հայաստանի մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ