By Asbarez | Wednesday, 09 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ռուսիա:
Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ 8 Սեպտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հետ՝ իբրեւ օրակարգային նիւթ ունենալով հայ-ռուսական երկկողմանի գործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները քննարկած են երկու երկիրներու տնտեսական, քաղաքական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը:
Նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ հանգրուանին։ Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ եւ անձամբ Փութինին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու որոնման ուղղութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն համար: Ան նշած է. <<Վերջին երկու շաբաթներին սահմանում շատ լարուած է: Ատրպէյճանական կողմը բացի խոշոր տրամաչափի հրազէնից, կիրառում է հրետանային զէնք: Ի հարկէ, մենք ստիպուած ենք պատասխան տալ: Ես դրա մասին աւելի մանրամասն կը խօսեմ Տուշանպէյում՝ ՀԱՊԿ գագաթնաժողովի ժամանակ>>, ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին դիտել տուած է, որ թէեւ յաճախ իրենք հանդիպումներ, հեռաձայնային զրոյցներ, տարբեր համաժողովներու զուգահեռ տեսակցութիւններ կ՛ունենան, սակայն միշտ ալ քննարկելի հարցեր կան։ <<Ես նկատի ունիմ Ռուսիա–Հայաստան յարաբերութիւններուն առանձնայատուկ բնոյթը, նկատի ունիմ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միացումը, ինչպէս նաեւ լիարժէք մասնակցութիւնը համարկման այլ կառոյցի մը՝ ՀԱՊԿին: Կ՛ուզէի այս առումով ձեզի հետ շարք մը հարցեր քննարկել: Հաճելի է, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի առաջատար տնտեսական գործընկերը: Համեմատած 2013 թուականին հետ, նախորդ տարի մեծապէս աւելցած է մեր ապրանքաշրջանառութիւնը, բայց, ցաւօք, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին տեղի ունեցած է փոփոխութիւն՝ դէպի նուազում: Մենք այսօր այդ մասին եւս կը խօսենք: Այդտեղ կան որոշ նրբութիւններ, որոնց պատասխանները չունինք տակաւին։ Մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ քննարկելու այդ հարցերը>>։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութենէն ետք սկսած համալրացման գործընթացներուն: Նախագահները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ