Ռուսիայէն Հայաստան մատակարարուող կազին գինը նուազած է

By Asbarez | Thursday, 10 September 2015


ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - 8 Սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարները ստորագրած են համաձայնագիր մը, որուն համաձայն, ռուսական կողմը նուազեցուցած է Հայաստանի մատակարարուող կազին գինը:


Նոր համաձայնագիրը 1000 խ/մ կազի գինին համար ճշդած է 165 տոլար՝ մինչ այս գործող 189ի փոխարէն: Սակայն, հայաստանցի սպառողին համար կազի գինը նոյնը պիտի մնայ:

<<Գազպրոմ Արմէնիա>> ընկերութեան բանբեր Շուշան Սարդարեան <<Երկիրն Այսօր>>ին փոխանցած է, որ ընկերութիւնը տուժած է 2014ի արժութային տատանումներէն եւ կազի սակի նուազիլը կրնայ օգնել՝ վերականգնելու ընկերութեան կորուստները: Այս տարուան Ապրիլի 28ին <<Ռոսիա 24>> պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին <<Գազպրոմ>>ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլլեր ըսած էր, որ այս որոշումը պայմանաւորուած է ԵՏՄին Հայաստանի անդամակցութեամբ:

comments

Advertisement