Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ կ՛ընէ Սուրիոյ հետ բանակցելու

By Asbarez | Thursday, 10 September 2015

0910Margallo-Rouhani

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հոզէ Մանուէլ Կարսիա Մարկալօ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:


Մարկալօ Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. <<Ժամանակը հասած է ձեռնարկելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ բանակցութիւններու՝ արգելք հանդիսանալու համար <<Իսլամական պետութեան>>, որ հոն տեղի ունեցող պատերազմը չօգտագործէ գետնի վրայ իր յառաջխաղացքը շարունակելու։ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնն է, որ, զայն հաւնինք թէ ոչ, միջազգային օրինականութիւն ունի եւ անիկա է, որ ՄԱԿի մէջ աթոռ ունի>>:


Նախարարը նաեւ նշեց, թէ ինք կը յիշէ այն խօսքը, զոր Փետրուար 2012ին, Միւնիխի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին, անձ մը ըսած էր Պաշշար Ասատի մասին, թէ՝ <<անոր օրերը հաշուըւած են>>, ապա աւելցուց. <<Չորս տարի անցաւ, անոր օրերը այլեւս հաշուըւած չեն: Տագնապը ստեղծեց բաց մը, զոր կ՛օգտագործէ <<Իսլամական պետութիւն>>ը, ինչպէս նաեւ՝ մարդկային տագնապ մը, որ աննախադէպ է>>:


<<Խաղաղութեան կը հասնին՝ միշտ թշնամիին հետ բանակցելով: Տարակարծիք ըլլալու եւ գետնի վրայ կացութիւնը ընդունելու անհրաժեշտութեան միջեւ տարբերութիւն կայ>>, ըսաւ սպանական դիւանագիտութեան պետը՝ աւելցնելով. <<Եթէ կ՛ուզենք, որ այս կացութիւնը չշարունակուի, ապա պէտք է բանակցութեան սեղան նստինք, սահմանադրութեան բարեփոխում արտօնող շրջագիծ կազմենք եւ հրաւէր ուղղենք պարկեշտ ընտրութիւններու, որոնք կ՛արտօնեն, որ երկրին մէջ իշխանութիւնը ստանձնէ ժողովրդավարական վարչակարգ մը>>:


Իր կարգին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց. <<Սուրիացի ժողովուրդն է, որ իր ճակատագիրը պիտի որոշէ եւ պիտի ընտրէ իր ուզած կառավարութիւնը>>: Ան նշեց, թէ Սուրիոյ հարցին մէջ աշխարհին դիմագրաւած խնդիրն է առաջնահերթութիւնները ճշդել եւ աւելցուց. <<Պատրաստ ենք Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման համար երկխօսութիւն կատարելու որեւէ երկրի հետ>>:


Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն Բրիտանիոյ խորհդրարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ բրիտանական անօդաչու օդանաւեր, Սուրիոյ մէջ յարձակում գործելով՝ սպաննած են բրիտանացի երկու իսլամ ծայրայեղականներ, որոնք Բրիտանիոյ մէջ կատարուելիք յարձակումներ կը ծրագրէին։ Ան աւելցուց. <<Այդ յարձակումը կը նկատուի Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ մեր առաջին յարձակումը>>։
Նաեւ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, թէ Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ իր առաջին հետախուզական թռիչքը կատարած է՝ յիշեցնելով, որ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը պիտի մասնակցի Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ յարձակումներուն:


comments

Advertisement