Թուրք ազգայնամոլներ հրկիզած են Քրտամէտ կուսակցութեան Անգարայի գլխաւոր կեդրոնատեղին

By Asbarez | Thursday, 10 September 2015

0910HDP

ԱՆԳԱՐԱ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Խումբ մը թուրք ազգայնամոլներ Երեքշաբթի գիշեր հրկիզած են Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) Անգարայի գլխաւոր կեդրոնատեղին։


Թրքական <<Վաթան>> թերթը գրած է, որ Սեպտեմբեր 8ի գիշերը Պոլսոյ Պէյպազար շրջանի Զաֆեր թաղամասին մէջ եւս քիւրտերու վրայ յարձակումներ կատարուած են: <<Անիծուի ահաբեկչութիւնը>> պոռացող ցուցարարները քարկոծած են մեծամասնութեամբ քրտաբնակ թաղամասի բնակարանները եւ հրկիզած են քանի մը ինքնաշարժներ։

Քրտամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ապտօ Օներ մտահոգութիւն յայտնած է, որ նման յարձակումներու հետեւանքով մեծ թիւով քիւրտեր կը լքեն Զաֆեր թաղամասը։ <<Հեռացողներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք 50 տարի հոն ապրած են>>, յայտնած է ան:

Նաեւ, քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք, Երեքշաբթի գիշեր մօտաւորապէս 100 ցուցարարներ դարձեալ յարձակեցան <<Հիւրրիյէ>>չ թերթի Պոլսոյ գլխաւոր շէնքին վրայ ու խորտակեցին մուտքի ապակիները։ Թերթը թիրախ դարձաւ իշխող կուսակցութեան եւ Էրտողանի պաշտպան կանգնող ցուցարարներուն, որոնք այս թերթին դէմ լարուած են այն ամբաստանութեամբ, թէ անիկա խեղաթիւրուած ձեւով հաղորդած է Էրտողանի մէկ յայտարարութիւնը։ 16 թուրք զինուորներու կեանքը խլած Տաղլըճայի յարձակումին օրը, Էրտողան ըսած էր, որ եթէ 400 երեսփոխան տրուած ըլլար իրենց, ապա այս բոլորը չէին պատահեր։ <<Հիւրրիյէ>>չ այս լուրը հաղորդած էր՝ ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ Էրտողան ընտրական նպատակներու համար շահագործած է այս յարձակումը։


comments

Advertisement