Տաւութօղլու մանկասպան է. Տեմիրթաշ

By Asbarez | Thursday, 10 September 2015

ՊՈԼԻՍ - <<Տեմոքրաթհապեր>> կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ յայտարարած է, որ երկրին մէջ դարձեալ միագլուխ իշխանութիւն հաստատելու համար՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մահուան կը դատապարտէ երկրին զինուորները, ոստիկանները եւ քիւրտ երիտասարդներն ու մանուկները:

<<Ճիզրէի մէջ երեխաներ կը սպաննուին, եւ չեն արտօներ զանոնք յուղարկաւորել: Կ՛ուզեմ յիշեցնել Տաւութօղլուին՝ դուք երեխաներու մարդասպան էք, պատմութեան մէջ պիտի մնաք իբրեւ երեխաներու յուղարկաւորութիւնը չարտօնող վարչապետ: Ամբողջ Թուրքիոյ հասարակութիւնը գիտէ, թէ ինչո՛ւ ատիկա կ՛ընէք: Մարդիկ պարտաւոր չեն մեռնելու ձեր նկրտումներուն համար: Կ՛ըսէ՛ք, թէ <<պիտի զոհաբերենք մեր զաւակները>>, սակայն, ձեզմէ ոչ մէկուն որդին զինուորական ծառայութիւն կատարած է>>, ըսած է Տեմիրթաշ:

 

comments

Advertisement