Ի հարկին՝ Սուրիոյ մէջ զինուորական քայլեր պիտի որդեգրենք. Մոսկուա

By Asbarez | Friday, 11 September 2015

0911Zakharova

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Իթար-Թասս>> -  Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ ի հարկին, իր երկիրը կրնայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար յաւելեալ զինուորական միջոցառումներ որդեգրել:


<<Սուրիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ հոն սուրիացիները մարզելու համար ռուս զինուորական մասնագէտներ կան>>, ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով. <<Սուրիոյ հետ զինուորական համագործակցութեան շուրջ արշաւը զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ այդ գործակցութիւնը գաղտնի չենք պահեր>>: Ան նշեց, որ սուրիական եւ իրաքեան բանակները գլխաւոր ուժերն են, որոնք <<Իսլամական պետութեան>> դէմ կը կռուին:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին տրամադրուած ռուսական զինուորական որեւէ աջակցութիւն հակառակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ՝ աւելցնելով. <<Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին պիտի չնպաստէ>>:

 


comments