Shadowmatic Հայկական խաղը ընդգրկուած է Apple TV-ի ծառայութիւններուն մէջ

By Asbarez | Friday, 11 September 2015

0911shadowmatic

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> -  Apple ընկերութիւնը Սեպտեմբեր 9ին տեղի ունեցած միջոցառման ժամանակ, ի թիւս այլ սարքերու ներկայացուցած է ապագայի հեռատեսիլը՝ Apple TV-ին:

<<Արմէնփրես>>, լուրը քաղելով Apple-ի պաշտօնական կայքէն, կը փոխանցէ, որ հեռատեսիլի միջոցով նաեւ կ՛առաջարկուին յաւելուածներ ու խաղեր: Հեռատեսիլը պիտի աշխատի tvOS համակարգով, որ ծրագրաւորողներուն բազմաթիւ նորութիւններ մշակելու առիթ կու տայ:
Apple TV դիտողներուն այլ խաղերու զուգահեռ պիտի առաջարկուի հայկական Shadowmatic խաղը, որ արժանացած է Apple Design Award 2015 մրցանակին:

 


comments

Advertisement