Փոխանցման հանգրուանի մը համար Ասատի մնալը պիտի ընդունինք. Լոնտոն

By Asbarez | Saturday, 12 September 2015

 

800px-Philip_Hammond,_Secretary_of_State_for_Defence

 

ԼՈՆՏՈՆ, <<Էյ.Փի.>> -  Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը վերջ պիտի չգտնէ՝ <<այնքան ատեն, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի իշխանութիւնները տագնապին քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար ճնշում չեն բանեցներ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ>>:

Ան աւելցուց. <<Բրիտանիոյ իշխանութիւնները Ասատի մեկնումը կ՛ուզեն, սակայն կրնան փոխանցման հանգրուանի մը համար անոր մնալը ընդունիլ, եթէ ատիկա կը նպաստէ տագնապի լուծման>>:

 


comments

Advertisement