Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Տաճիկիստանի նախագահին հետ

By Asbarez | Tuesday, 15 September 2015

0915serj

 

ՏՈՒՇԱՆՊԷ, <<Արմէնփրէս>> -  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ հանդիպում ունեցած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ: Վկայակոչելով Տաճիկիստանի <<Հովար>> ազգային լրատու գործակալութիւնը՝ <<Արմէնփրէս>> կը հաղորդէ, որ երկու բարեկամ երկիրներու նախագահները կարծիքներ փոխանակած են բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերուն վերաբերեալ:


Էմոմալի Ռահմոն՝ ողջունելով Սերժ Սարգսեանը, վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը լուրջ լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Իր կարգին Հայաստանի նախագահը ընդգծած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Տաճիկիստանի նախագահութեան բարձր մակարդակը եւ նշած. <<Մենք տարածաշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւնների շրջանակներում անցկացնում ենք բազմաթիւ հանդիպումներ, զրոյցներ եւ եկել է ժամանակը, որպէսզի կատարենք պաշտօնական այցեր եւ ձգտենք պայմանաւորուածութիւնների իրականացմանը>>:


Այդ առնչութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեան Էմոմալի Ռահմոնը պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Հայաստան։ Նշուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ դրութեամբ ստորագրուած է աւելի քան 20 փաստաթուղթ, որոնց մէջ՝ առեւտուրի, տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան կազմակերպման եւ ընդլայնման վերաբերեալ:


Կայացած է կառուցողական զրոյց Տաճիկիստանի եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերեալ, նաեւ՝ ՄԱԿի, ՀԱՊԿի եւ այլ տարածաշրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ։

comments