Տեմիրթաշ դարձեալ զէնքերը վար դնելու կոչ կ՛ընէ

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2015

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Մշոյ Վարդօ գաւառակին մէջ հանրահաւաքի մը մասնակցեցաւ՝ իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ։ Տեմիրթաշ դարձեալ քննադատեց իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան թեւը, դիտել տալով որ անոնք պէտք է միասնաբար լռեցնեն զէնքերը ու սեղան նստին՝ քաղաքականութիւն խօսելու համար։

Տեմիրթաշ, այս կակուղ ու շինիչ մաղթանքին առընթեր, կծու քննադատութիւններ ալ ըրաւ հանրապետութեան նախագահին եւ անոր գործակիցներուն հասցէին՝ առանց անուն տալու։ <<Անոնք, որոնք զինուորական գործողութիւններ կը կատարեն հայրենիքին անունով, իրականութեան մէջ այդ գործողութիւնները կը կատարեն՝ պալատի բնակիչները կամ աւազակները պաշտպանելու համար։ Վարդոյի ժողովուրդը ինչո՞ւ քուէարկեց մեր կուսակցութեան ի նպաստ։ Այս ժողովուրդը անջատողակա՞ն է, անջատուի՞լ կ՛ուզէ։ Ո՛չ։ Այս ժողովուրդը միայն կ՛ուզէ կառավարուիլ ի՛ր իսկ ընտրած մարդոց կողմէ. ա՛յս է ինքնավարութիւնը, զոր ան կ՛ուզէ։ Վերէն նշանակուած կուսակալներու կամ նահանգապետներու կողմէ կառավարուիլ չ՛ուզեր։ Ասիկա անջատողականութի՞ւն կրնայ նկատուիլ>>, ըսաւ Տեմիրթաշ։
Իր կարգին, Իմրալըի մէջ բանտարկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութեանց պատուիրակութեան անդամ եւ քրտամէտ կուսակցութեան Անգարայի երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր, անդրադառնալով այս կացութեան՝ յայտնեց, որ պետութիւնը դէպի Իմրալը այցելութիւնը արգիլած է, որովհետեւ Օճալան չի հաւնիր պետութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Ան յիշեցուց, թէ Ապրիլ 5ին Օճալանի հետ կատարուած վերջին տեսակցութեան ընթացքին, Օճալան ըսած էր. <<Պետութիւնը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հարցին վերաբերալ լուրջ դիրք չունի>>։

 

comments

Advertisement