Վարչապետ Աբրահամեան ընդունած է «Մայքրոսոֆթ»ի շրջանային տնօրէնը

By Asbarez | Thursday, 17 September 2015

0916Microsoft1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 15 Սեպտեմբերին ընդունած է <<Մայքրոսոֆթ>> ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանային տնօրէն Տան Կրենթհեմի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:


Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ վարչապետը բարձր գնահատած է <<Մայքրոսոֆթ>>ի հետ շարունակական համագործակցութիւնը եւ նշած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամ է երկկողմանի գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացնելու եւ խորացնելու:


Իր կարգին Տան Կրենթհեմ բարձր գնահատած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման առումով Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներն ու առնուած քայլերը։


Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ միացեալ նոր ծրագիրներու իրականացման, մտաւորական ներուժի պաշտպանութեան եւ սայպըր յանցագործութիւններուն դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ վարչապետը կարեւոր նկատած է <<Մայքրոսոֆթ>>ի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը՝ Հայաստանի պաշտպանական համակարգը կատարելագործելու իմաստով:


Տեսակցութենէն ետք անոնք այցելած են <<Մայքրոսոֆթ>> նորարարութեան կեդրոն, ուր շրջագայած են, ծանօթացած անոր գործունէութեան եւ արդիւնքներուն: Կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է նաեւ Հայաստանի մէջ գործող շարք մը սկսնակ ընկերութիւններու (Start-Up) ղեկավարներուն հետ՝ ծանօթացած անոնց արտադրութիւններուն, քննարկած սկսնակ ընկերութիւններու զարգացման կարելիութիւններն ու ուղիները:


Տան Կրենթհեմին ու Յովիկ Աբրահամեանին փոխանցուած է այն տեղեկութիւնը, որ <<Մայքրոսոֆ>>չ կեդրոնը իր չորսամեայ գործունէութեան ընթացքին վերապատրաստած է աւելի քան 3000 ուսանողներ, որոնք ներկայիս կ՛աշխատին տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ։


Վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած է <<Մայքրոսոֆթ>> նորարարական կեդրոնին դերը տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման մէջ եւ կարեւոր նկատած սկսնակ ընկերութիւններուն գործունէութիւնը՝ աշխատատեղերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ նորարական լուծումներ ստեղծելու տեսանկիւնէ: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը ունի զարգացման մեծ ներուժ եւ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու ոլորտի սկսնակ ընկերութիւններուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու իւրաքանչիւր ողջամիտ առաջարկ:

comments

Advertisement