Աւելի լրջութեամբ պէտք է մօտենալ գաղթականներու հարցին. Արամ Ա.

By Asbarez | Thursday, 17 September 2015

0911ARam1

ԱՆԹԻԼԻԱՍ -  Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին, ընդունելով Պէյրութի մէջ գումարուող եւ գաղթականներուն նուիրուած միջեկեղեցական համագումարի ներկայացուցիչները՝ Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց գաղթականներու հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս՝ Եւրոպայի մէջ:


Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին համագործակցութեամբ: Համագումարի օրակարգին մաս կը կազմեն գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուած հարցեր: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 50 անձեր, ներառեալ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը:


Անդրադառնալով յատկապէս գաղթականներու գծով Եւրոպայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. <<Գաղթականութեան հարցը նոր երեւոյթ մը չէ: Պատմութեան ընթացքին տնտեսական, քաղաքական ու ապահովական պատճառներու հետեւանքով մարդիկ հեռացած են իրենց բնակած երկիրներէն ու հաստատուած մանաւանդ արեւմտեան երկիրներ: Հայ ժողովուրդը իր դառն փորձառութեամբ կը զգայ գաղթականներուն ապրած հոգեվիճակը: Չմոռնանք, որ 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդը եղաւ գաղթական, անոր պարտադրուեցաւ հեռանալ իր դարաւոր հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն: Չմոռնանք նաեւ, որ արաբ ժողովուրդը՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, ընդունեց մեզ իր հայրենիքէն ներս: Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն պատճառով, դէպի արեւմտեան երկիրներ արտագաղթը նոր թափ ստացած է վերջերս: Ինչ կը վերաբերի քրիստոնեայ համայնքներու պատասխանատուներու կեցուածքին՝ ապա մեր բոլորին կեցուածքը կը մնայ նոյնը. հետեւողական ճիգ պէտք է թափել քրիստոնեայ համայնքները Միջին Արեւելքէն ներս պահելու, հակառակ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն: Սակայն, ստիպողական պարագաներու տակ, արեւմտեան երկիրները իրենց կրօնական ու պետական պատասխանատուներուն ճամբով պէտք է օգտակար հանդիսանան գաղթականներուն>>:


Այս առիթով, վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր պատկերացումը փոխանցեց միջեկեղեցական շարժումին քննարկած օրակարգի առաջնահերթ հարցերուն գծով:

 


comments