By Asbarez | Friday, 18 September 2015
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին կայացաւ Լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ծրագրած ազգային երկխօսութեան Բ. նիստը, հակառակ ղեկավարներուն խորհրդարան մուտքը արգիլել փորձող քաղաքացիական ընկերութեան շարք մը շարժումներու անդամներու ջանքերուն։
Ցուցարարները կը մերժեն երկխօսութիւնը՝ շեշտելով, որ խորհրդարանը դարձած է հակասահմանադրական եւ ապօրինի հաստատութիւն մը: Ցոյցերը ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան, եւ արձանագրուեցան բռնարարքներ ու խոշտանգումներ:
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ կայացած երկխօսութեան Բ. նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններէն դուրս գալու միակ ընտրանքը երկխօսութիւնն է:
Նիստի մասնակիցները շարունակեցին երկխօսութեան օրակարգի քննարկումը, որուն շրջագիծին մէջ կատարուեցան առաջարկներ, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով: Անոնք շեշտեցին կառավարութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս տարրական կենցաղային թղթածրարներուն առումով:
Որոշուեցաւ երկխօսութեան Գ. նիստը գուամրել Սեպտեմբեր 22ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ