By Asbarez | Friday, 18 September 2015

ԹԵՀՐԱՆ - Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, թէ սուրիական տագնապի լուծման իրանեան նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկայ օրերուն՝ ռուս պաշտօնատարներու հետ նախատեսուած խորհրդակցութիւններէն ետք: Ան նշեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ անցեալ ամիս Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին այդ նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, որ իր կարգին զայն ողջունած է եւ անոր վրայ առաջարկներ աւելցուցած:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին հեռաձայնելով՝ զգուշացուց, որ Ասատի նկատմամբ Մոսկուայի ցուցաբերած աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ տագնապը պիտի բարդացնէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ