By Asbarez | Wednesday, 23 September 2015
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Լոնտոնի մէջ իր բրիտանացի պաշտօնակից Ֆիլիփ Համընտի հետ հանդիպումէն ետք, խօսելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման մասին՝ յայտարարեց, որ ատիկա <<պայման չէ, որ տեղի ունենայ առաջին օրը կամ առաջին ամիսը… գոյութիւն ունի հոլովոյթ մը, որ պէտք է համախմբէ բոլոր կողմերը, ատիկա լաւագոյն կերպով իրագործելու կարելիութեան շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելու համար։ Ռուսիան եւ Իրանը կրնան օգնել համոզելու Ասատը, որ երթայ բանակցութեանց սեղան>>:
Քերի յոյս յայտնեց, որ մօտ օրէն Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ շուրջ՝ նշելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ կեդրոնանալ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելուն վրայ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ յայտնեց, որ <<Իսլամական պետութեան>> եւ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի դէմ պայքարին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը <<հիմնական հարց մըն է>>, եւ այդ մասնակցութիւնը սեղանը պիտի շրջէ Սուրիոյ դէմ դաւ նիւթողներուն վրայ:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի յստակ ռազմավարութիւն մը չունին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ կապուած է աշխարհագրական եւ ճակատագիրի հիմամբ, իսկ Սուրիոյ ապահովութիւնը՝ քաղաքակրթական, պատմական եւ ճակատագիրի առումով, կապ ունի Ռուսիոյ ապահովութեան հետ։
Ան աւելցուց. <<Մինչեւ այս պահը, սուրիական հողերուն վրայ ռուս-սուրիական ցամաքային միացեալ զինուորական գործողութիւններ չկան>>, եւ նշեց, թէ Թուրքիան է, որ դէպի Եւրոպա տեղահանուածներու հոսքի ճգնաժամը յառաջացուց՝ <<ապահովութեան գօտիի ստեղծման վերաբերեալ իր պահանջին անտեսման պատճառով>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ