Էրտողանի «տուէք ինծի 550 տեղացի եւ ազգային երեսփոխան» կոչը կը քննադատուի

By Asbarez | Wednesday, 23 September 2015


ՊՈԼԻՍ - <<Տեմոքրաթհապեր>> կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին, Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ընթացքին յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ <<միայն տեղացի>> երեսփոխաններ տեսնել: Ան քննադատած է թրքական խորհրդարանին մէջ 80 երեսփոխաններ ունեցող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ Քիւրտիստանի դրօշը պարզելուն, իշխանութիւններուն դէմ արտայայտուելուն եւ այլ <<մեղքերու>> համար, եւ բոլորին կոչ ուղղած է յառաջիկայ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին չքուէարկելու քրտամէտ կուսակցութեան ի նպաստ:


<<Խորհրդարան ղրկեցէք միայն 550 տեղացի ու ազգային երեսփոխան։ Անկէ ետք՝ գործը դիւրին է։ Կը հասկնա՞ք, թէ ինչ ըսել կ՛ուզեմ, չէ՞։ Ներկայիս Թուրքիան միայն ատոր կարիքը ունի>>, ըսած է ան:

Միւս կողմէ, քրտամէտ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Իտրիս Պալուքեն, անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութեան՝ անոր հարց տուած է, թէ իբրեւ ազգութեամբ քիւրտ երեսփոխան, արդեօք ինք տեղացի կը նկատուի՞: Նոյն կուսակցութեան ազգութեամբ թուրք երեսփոխան Ալի Քենանօղլու, իր կարգին, հարցուցած է, թէ ինք տեղացի կը նկատուի՞, թէ ոչ:


Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եուքսեքտաղ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու նախագահական պալատը քննադատած է՝ փոքրամասնութիւններու հարցով նախորդ կառավարութիւններուն եւ նախագահներուն որդեգրած ճնշիչ քաղաքականութիւնը շարունակելնուն համար:

<<Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պատերազմական յանցագործութիւն կը կատարէ: Ասիկա վերջին կէտն է: Ուրիշներ այս կէտին մէջ պաշտօնազրկուեցան եւ հեռացան: Այժմ կարգը ասոնց է>>, ըսած է ան:



comments