Հայաստանի եւ Չինաստանի վարչապետները քննած են Իրան-Հայաստան երկաթուղիի ծրագիրը

By Asbarez | Wednesday, 23 September 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 22 Սերտեմբերին Պէյճինկի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի վարչապետ Լի Քեցեանի հետ եւ քննարկած տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

Ողջունելով Հայաստանի վարչապետը՝ Լի Քեցեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս այցելութեան եւ Եւրասիական տնտեսական ֆորումին Աբրահամեանի մասնակցութեան համար: Ան բարձր գնահատած է հայ-չինական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ համոզում յայտնած այն մասին, որ վարչապետ Աբրահամեանի Չինաստան այցելութիւնը պիտի նպաստէ փոխգործակցութեան առաւել եւս զարգացման եւ ամրապնդման:


Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Ընդգծելով, որ տնտեսական ոլորտին մէջ առկայ է համագործակցութեան մեծ ներուժ՝ Յովիկ Աբրահամեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ հայ-չինական կապերու ամրապնդման եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման:


Երկու երկիրներու վարչապետները կարեւոր նկատած են ենթակառոյցներու զարգացման, ուժանիւթի, փոխադրութեան, քիմիական արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, օդանաւորդութեան ոլորտներուն մէջ հետագայ համագործակցութեան խորացումը, միացեալ ծրագիրներու իրականացումը: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է Առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-չինական միացեալ յանձնաժողովի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:


Վարչապետ Աբրահամեան գոհունակութեամբ նշած է, որ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները յառաջընթաց արձանագրած են՝ շեշտելով, որ մեծապէս աւելցած է ապրանքաշրջանառութիւնը (աւելի քան կէս միլիառ տոլար): Չինաստանի վարչապետը եւս ընդգծած է, որ բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, եւ թէ մարդասիրական, առկայ է արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն՝ հաստատելով, որ Չինաստան պատրաստ է խորացնելու եւ ամրապնդելու այս կապերը:


Հայաստանի եւ Չինաստանի վարչապետները մանրամասնօրէն քննարկած են Իրան–Հայաստան երկաթուղիի, Հիւսիս-հարաւ ճամբու միջանցքի կառուցման ներդրումային ծրագիրները: Չինաստանի վարչապետը վերահաստատած է չինական կողմին հետաքրքրուածութիւնը այս հարցին մէջ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու Հայաստանի ենթակառուցուածքներու զարգացման, արդիւնաբերութեան, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ:

comments