Քրտամէտ կուսակցութեան նախարարները հրաժարեցան Թուրքիոյ կառավարութենէն

By Asbarez | Thursday, 24 September 2015

0924HDP

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Սեպտեմբեր 22ին, Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ նոր փոթորիկ պայթեցաւ, երբ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն ներկայի ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ նշանակուած երկու նախարարներ՝ Ալի Հայտար Քոնճա եւ Միւսլիւմ Տողան, յանկարծ հրաժարեցան դահլիճէն։ Անոնք իրենց հրաժարականը յանձնեցին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին, որ իր կարգին ընդունեց անոնց հրաժարականը։
Այս քայլը զարմանալի չէ, եթէ նկատի առնուի, թէ ներկայիս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու նախագահ Էրտողանի կողմէ ինչպիսի՛ պայքար մը կը մղուի քրտամէտ կուսակցութեան դէմ։ Արդարեւ, իշխող կուսակցութիւնը կը փորձէ Նոյեմբեր 1ի ընտրութիւններով խորհրդարանէն դուրս ձգել քրտամէտ կուսակցութիւնը՝ յուսալով անկէ խլուած քուէներով խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովել։


Նման բաց պայքարի մը դիմաց, նշեալ նախարարները յայտնապէս իրենց կուսակցութեան ճնշումին տակ էին, ուստի՝ հրաժարեցան։


Հրաժարումին առթիւ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախարարները շատ ծանր ոճով քննադատեցին նախագահ Էրտողանը, ինչպէս նաեւ՝ վարչապետ Տաւութօղլուն, որուն համար ըսին, թէ կը քալէ Էրտողանի ցուցմունքներուն համաձայն։

Անոնք յայտնեցին, թէ իրենք ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ նախարարի դեր ընդունեցին պարզապէս Թուրքիան անելէ դուրս բերելու ջանքին համար, բայց տեսան, թէ իրականութեան մէջ բան մը չեն կրնար ընել այս կառավարութեան մէջ, որ կը գործէ Էրտողանի ցուցմունքներով։

<<Կառավարութիւնը յայտնապէս պատերազմ հռչակած է Յունիս 7ի ընտրութեան արդիւնքներուն, աւելի ճիշդ՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան դէմ։ Մեզի կը մնար հրաժարիլ>>, ըսին անոնք։

Էրտողան անդրադարձաւ այս հրաժարականներուն ու ըսաւ, որ ընդունելի չեն այն մեղադրանքները, զորս նախարարները ըրած են իր անձին նկատմամբ։


comments

Advertisement