By Asbarez | Friday, 25 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն>> (ASIMDER) կոչուող թրքական ազգայնամոլ կազմակերպութիւնը պահանջած է ջնջել Կողբ քաղաքի մուտքին ու ելքին փակցուած ցուցանակներու հայատառ գրութիւնը:
Կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, իբրեւ բողոքի նշան՝ կազմակերպութեան Իգտիրի կեդրոնական գրասենեակի շէնքին վրայ փակցուցած է վեց մեթրնոց Ատրպէյճանի դրօշակը: Ան նշած է, որ պաշտօնական նամակ ուղարկած է ներքին գործոց նախարարութիւն եւ Իգտիրի նահանգապետարան՝ պահանջելով հայատառ գրութիւնը վերցնել: Կիւլպէյ մեղադրած է նաեւ քառալեզու ցուցատախտակի նախաձեռնութեան հեղինակ քիւրտ համաքաղաքապետը՝ քիւրտ բնակչութենէն ստացած քուէներով ձեռք բերած իշխանութիւնը ի շահ հայերուն ծառայեցնելու յանցանքով:
Թրքական <<Սօզչու>> կայքը իր կարգին հրապարակած է Թուրք-ատրպէյճանական բարեկամական միութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Սերտար Ունսալի յայտարարութիւնը ու նմանապէս դատապարտած հայատառ գրութիւնը:
Նշենք, որ վերջերս Կողբի մուտքին ու ելքին, թրքերէն, քրտերէն, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով <<բարի գալուստ>> եւ <<ցտեսութիւն>> գրութիւնները տեղադրուած էին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ