Ռուսիա գոհ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումէն. Փութին

By Asbarez | Friday, 25 September 2015

0925Putin-Erdogan

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիա գոհ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումէն. Սեպտեմբեր 23ին այսպէս ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Մոսկուայի մէջ իր թուրք գործընկեր Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակուին ամէնէն բարձր մակարդակով:

Խօսելով առեւտրական եւ տնտեսական կապերուն մասին՝ Փութին նշած է, որ հակառակ շարք մը հանգամանքներով պայմանաւորուած բարդութիւններուն, Ռուսիա կը մնայ Թուրքիոյ երկրորդ առեւտրական-տնտեսական գործընկերը:

Ռուսիոյ նախագահը Էրտողանին հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Թէեւ թրքական կայքերը նշած են, որ ռուս ղեկավարը Էրտողանը ողջունած է թրքերէնով, սակայն ռուսական կայքերուն մէջ նման տեղեկութիւն չկայ:

Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը, Մոսկուայի մէջ նորոգութեան աշխատանքներու աւարտէն ետք տեղի ունեցած է գլխաւոր մզկիթին բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են իսլամական երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, անոնց շարքին՝ Էրտողանը եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը: Փութին եւս ներկայ գտնուած է արարողութեան:

Ռուսիոյ մէջ երկրորդ ամէնէն տարածուած կրօնը իսլամութիւնն է, որ ունի 15-23 միլիոն հետեւորդ:


comments