ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովը դէտեր պիտի չուղարկէ Ատրպէյճան

By Asbarez | Friday, 25 September 2015

0925Kanerva

ԵՐԵՒԱՆ - <<Արմէնփրէս>>, վկայակոչելով ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի պաշտօնական կայքը՝ կը հաղորդէ, որ վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քաներվա յայտարարած է, թէ վեհաժողովը Ատրպէյճանի մէջ Նոյեմբեր 1ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւելու համար դէտեր պիտի չուղարկէ: Քաներվա նշած է, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը նկատի առած է ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) խորհուրդները եւ հրաժարած է դէտեր ուղարկելէ:


Քաներվա նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճան պահանջած է յատկանշականօրէն կրճատել ԺՀՄԻԳի դէտերու առաքելութեան անդամներու թիւը: <<Եթէ մեր սերտ գործընկեր ԺՀՄԻԳը պիտի չկարենայ լաւապէս հետեւիլ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, ապա մենք եւս ատիկա պիտի չընենք>>, ըսած է ան:


Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, ընդունելով Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) յատուկ առաքելութիւնը՝ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ ձեռնարկուած են անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ <<ժողովրդավարական, արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններու համար>>։ Ան քննադատած է Ատրպէյճան դէտեր չուղարկելու ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԺՀՄԻԳի որոշումները:


comments