By Asbarez | Friday, 25 September 2015
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ ամերիկեան բանակի մէկ զեկուցումին համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական ռազմական օդանաւերուն տեսակը ցոյց կու տայ, որ անոնք ռուսական ուժերը պաշտպանելու համար են: Ան միաժամանակ Ռուսիոյ եւ Իրանին կոչ ուղղեց՝ օժանդակելու Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու աշխատանքներուն։
Քերի շեշտեց. <<Թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Ռուսիան կ՛ուզեն Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութիւն>>ը պարտութեան մատնել, սակայն Ուաշինկթընի կարծիքով՝ Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աջակցութիւնը կը ներգրաւէ օտար զինեալներ, որոնք Ասատի հեռացումը կ՛ուզեն>>:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ անմիջական քաղաքական երկխօսութիւն պէտք է սկսի: Ան նաեւ նշեց, որ <<ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար միջազգային ընտանիքը պէտք է Դամասկոսի հետ համակարգում կատարէ, որպէսզի այդ պայքարը աւելի ազդու դառնայ:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կեցուածքը՝ Սուրիոյ նկատմամբ ռուսական դիրքին առնչութեամբ, նուազ մերժողական դարձած է:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար Ասատի հեռացումը նախապայման նկատելը <<իրատեսական չէ>>՝ նշելով, որ լուծումը վարչակարգէն եւ ահաբեկչութիւնը մերժող ընդդիմութենէն կողմեր ներառող <<Ազգային միութեան կառավարութեան>> կազմութեան ճամբով պիտի ըլլայ: Ան նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է պահպանել սուրիական բանակն ու պետութեան այլ սիւներ, որպէսզի կարգ ու կանոնը չքանդուի, ինչպէս տեղի ունեցաւ Իրաքի մէջ:
Վերջապէս, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Միխայիլ Պոկտանովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց. <<Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման որեւէ ծրագիր պէտք է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ներառէ լուծման մէջ>>, եւ աւելցուց. <<Ռուսիա եւ Իրան մտադիր են իրենց բոլոր կարելիութիւնները օգտագործել՝ Սուրիան դուրս բերելու համար տագնապէն։ Քաղաքական ջանքերն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է զուգահեռաբար ընթանան>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ