Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցի բացում

By Asbarez | Friday, 25 September 2015

 

0925Tilijan2

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> -  24 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցի բացման արարողութիւն, որուն ներկայ եղած է նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Դպրոցի բացումը կատարած են <<Այբ>> կրթական հիմնադրամի համահիմնադիր եւ <<Այբ կրթական հանգոյց>> հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Մեսրոպ քահանայ Արամեան եւ Հայաստանի կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր æաւադեան:


Նախագահը շրջած է նորաբաց ուսումնական հաստատութեան մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, ուսումնական ծրագիրներուն ու երեխաներու բազմակողմանի զարգացումը ապահովելու նպատակով մշակուած դասաւանդման մեթոտաբանութեան:

Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցը ստեղծուած է 2013 թուականին <<Այբ>> կրթական հիմնադրամին կողմէ՝ Կեդրոնական դրամատան հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Անիկա հիմնական դպրոց է՝ նախատեսուած 1-9րդ դասարանի մինչեւ 160 աշակերտի համար:

Երկրի կրթական համակարգին մէջ Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցի մուտքով ստեղծուած է դպրոցի քաղաքային նախատիպ՝ հասանելի ո՛չ միայն Կեդրոնական դրամատան աշխատակիցներուն, այլ նաեւ Դիլիջան բնակող այլ ընտանիքներու երեխաներուն համար:

Պատասխանատուներուն համաձայն՝ իր գաղափարախօսութեամբ եւ տեսլականով, ուսումնական ծրագիրով, դասաւանդման մեթոտաբանութեամբ ու մօտեցումներով, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու ընդունելութեան քաղաքականութեամբ դպրոցը ամբողջութեամբ համակարգուած եւ համադրուած է Երեւանի <<Այբ>> տարրական եւ միջին դպրոցներուն հետ: <<Այբ>> կրթական հիմնադրամը պատասխանատու է դպրոցի կառավարման եւ <<Այբ>>ի չափանիշներուն համապատասխան ուսումնական բովանդակութեան վերահսկողութեան:

Դպրոցի շէնքի կառուցումը եւ գործունէութիւն կը ֆինանսաւորուի Կեդրոնական դրամատան կողմէ:

Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցի տարածքին մէջ տեղակայուած է նաեւ Մեսեչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկին հետ համագործակցութեան շնորհիւ հիմ-նուած գիտական բաժանմունքը՝ գիտաարդիւնաբերական տար-րալուծարան, որ պիտի ծառայէ դպրոցի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ Դիլիջանի եւ յարակից քաղաքներու աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ ստեղծագործողներուն:

Շրջագայութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան տեղեկացած է, որ ներկայիս դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 119 աշակերտներուն աւելի քան 80 տոկոսը, եւ դպրոցի աշխատակիցներուն 24 տոկոսը Դիլիջան քաղաքէն է, իսկ 22 տոկոսը՝ Երեւանէն Դիլիջան տեղափոխուած են ընտանիքով, աշխատակիցներուն 13 տոկոսը Հայաստանի այլ մարզերէն է, մնացած աշխատակիցները կը համադրեն աշխատանքը Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ:

 


comments

Advertisement