By Asbarez | Saturday, 26 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<ԹերԹ>>, <<Երկիր>> - 25 Սեպտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է յատկապէս այս օրերուն ամէնէն հրատապ նիւթին՝ սահմանային լարուածութեան, որուն իբրեւ հետեւանք կան զոհեր ու վիրաւորներ։
<<Արդէն սովորութիւն է դարձել՝ իւրաքանչիւր հնարաւոր բարձրաստիճան հանդիպումից առաջ Ադրբեջանը գնում է լարուածութեան: Առաջինը՝ ուժի դէմ պէտք է կիրառել առաւել մեծ ուժ, ինչը, կարծում եմ, մեր բանակն անում է ինչ-որ չափով: Եւ երկրորդը՝ ես խորապէս համոզուած եմ, որ համանախագահող երկրները ցանկութեան դէպքում, միասին գործելու դէպքում կարող են իսկապէս, առնուազն կտրուկ նուազեցնել լարուածութիւնը, յարձակումները, սադրանքները եւ զոհերի թիւը: Իսկ թէ համանախագահողներն ինչո՞ւ չեն անում, թերեւս դա պէտք է փնտռեն իրենց միջեւ առկայ տարաձայնութիւնների կամ ոչ միասնական գործելու մէջ: Սա իսկապէս շատ մտահոգող է, եւ դարձեալ, այս պարագայում, մնում է մեր բանակի հզօրութիւնը, մեր բանակի՝ համարժէք պատասխան տալու կարողութիւնը>>, ըսած է Վարդանեան:
Ան նաեւ անդրադարձած է մամուլին մէջ տեղ գտած այն տարաձայնութիւններուն, որոնց համաձայն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ Արծուիկ Մինասեանի հետ լուրջ տարակարծութիւններ կան։ Աղուան Վարդանեան յայտարարած է. <<Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները յորդորում են կուսակցութեան ներսում տարակարծութիւններ, հակասութիւններ չփնտռել, մամուլում միշտ չէ, որ իրականութեանը համապատասխանող յօդուածեր են տպագրւում>>:
<<Նայէք, յուղարկաւորութեան ժամանակ մարդիկ ցաւակցում, դուրս են գալիս, գնում զրուցում են: Հիմա Արմէն Մովսիսեանի յուղարկաւորութեան ֆոնի վրայ կատարուած լուսանկարին գնահատական տալ, ասել, որ ՀՅԴն Ռուբէն Յակոբեանի հետ զրուցում է, ուրեմն նա վերադառում է կոալիցիա…>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան՝ շեշտելով, որ Դաշնակցութեան մէջ հակասութիւն չկայ:
Ան շարունակած է. <<Կուսակցութիւն ենք, ընկերներ ենք, գիշեր ցերեկ իրար հետ աշխատում ենք: Ամէն մէկս մարդ ենք, քննարկում ենք հարցերը, բոլոր կարծիքները լսւում են, այո՛, աշխատանքում տարբեր կարծիքներ կան, բայց հակասութիւն մի՛ փնտռէք: Մի՛ փնտռէք բան, որը անհնար է: Միշտ էլ փորձեր արուել են ՀՅԴ ղեկավարութեան, շարքերի, տարբեր անդամների միջեւ հակասութիւն փնտռել: Չի յաջողուել, էլի՛ չի յաջողուի: Ի զուր է, մի՛ փնտռէք>>, կոչ ուղղած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ Ժառանգութիւն կուսակցութենէն դուրս ելած Ռուբէն Յակոբեան արդեօք Դաշնակցութեան միանալու դիմում ներկայացուցա՞ծ է՝ Աղուան Վարդանեան բացասական արտայայտուած է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ