By Asbarez | Tuesday, 29 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Գերմանական <<Տեր Շփիկըլ>> թերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ ինքնավարութեան համար պայքարող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ թեւը հրապարակած է երկրին մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար իր երեք պայմանները՝ սպառնալով, որ հակառակ պարագային՝ քիւրտերու պայքարը պիտի շարունակուի։
Հիւսիսային Իրաքի Կորդուաց լեռներուն վրայ հաստատուած ռազմակայաններէն մէկուն մէջ, քիւրտ ղեկավար Ալի Հայտար Քայթանի հետ զրոյցի մը ընթացքին վերջինս ըսած է, որ Յուլիսէն ի վեր, թուրք-քրտական բախումներու վերսկսման մեղաւորը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն է: <<Էրտողանը մեր դէմ պատերազմ յայտարարած է, եւ մենք մեզ կը պաշտպանենք>>, ըսած է ան:
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացող Քայթան նշած է նաեւ, որ տարիներու ընթացքին կազմակերպութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը, եւ այժմ կը ձգտի Թուրքիոյ տարածքին մէջ ոչ թէ անկախ Քիւրտիստան, այլ՝ քրտական ինքնավարութիւն ստեղծելու:
Ըստ Քայթանի՝ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ, եթէ թրքական բանակը դադրեցնէ յարձակումները, բանտէն ազատ արձակէ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը, իսկ չէզոք երկիր մը միջնորդութիւն ստանձնէ թրքական պետութեան ու քիւրտերուն միջեւ: <<Իբրեւ միջնորդ կրնայ հանդէս գալ Միացեալ Նահանգները: Այլ տարբերակ չկայ: Քիւրտ նոր մարտիկները աւելի արմատական են: Հաշտութեան համար, իբրեւ տարեց սերունդ, մենք վերջին կարելիութիւնն ենք Անգարայի համար: Հակառակ պարագային՝ պայքարը պիտի շարունակուի յաւելեալ 30 տարի>>, ըսած է Քայթան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ