Խամենէի Ռիատէն կը պահանջէ ներում հայցել Մինայի աղէտին առթիւ

By Asbarez | Tuesday, 29 September 2015

0929Khamenei1

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Մեքքէյի մօտ գտնուող Մինայի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հրմշտուքին պատճառով արձանագրուած իրանցի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 155ի: Իրանեան դիւանագիտական աղբիւրներ <<Մայատին>>ին յայտնեցին, որ զոհերու շարքին են վեց դիւանագէտներ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի սէուտական իշխանութենէն պահանջած է արձանագրուած զոհերուն համար ներում խնդրել իսլամ ժողովուրդէն: Նաեւ, Իրանի ընդհանուր դատախազ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսի սպառնաց Սէուտական Արաբիան «մինչեւ վերջ» դատական հետապնդումի ենթարկել՝ աւելցնելով, որ այս արկածը միջազգային օրէնքի հիմամբ դատական հետաքննութեան կը կարօտի, եւ Սէուտ արքայատոհմը պէտք է պատահարին վերաբերեալ բացատրութիւններ տայ:

Իրանի Քոմ քաղաքին մէջ կրօնական գիտութեանց հազարաւոր ուսանողներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին եւ Մեքքէյի մէջ ուխտի ընթացքին արձանագրուած ողբերգութեան համար պատասխանատու նկատեցին Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյր, անդրադառնալով իր երկրին ուղղուած իրանեան քննադատութեանց՝ ըսաւ, թէ իր կարծիքով՝ <<իրանցիներուն համար աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ այս աղէտը քաղաքական շահագործման չենթարկեն>>: Ան աւելցուց, թէ գործուած է սխալ մը, որուն պատճառ դարձողները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին:
Նշենք, որ զոհերուն ընդհանուր թիւը 769ի հասած է։


comments