By Asbarez | Tuesday, 29 September 2015
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին, Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանի Շրջանային խորհուրդի դահլիճներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ պաշտօնապէս կեանքի կոչուեցաւ <<Ֆրանսա-Հայաստան միջազգային ցանց>>ը:
Ներկաներուն մէջ էին Ռոն-Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ժան-Ժագ Քէյրան, Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Հանրի Ռընօ, ֆրանսահայ եւ ֆրանսացի բազմաթիւ գործարարներ, պաշտօնատար անձեր եւ լրագրողներ:
Ընկերակցութեան նախագահ Արամազդ Ապետի ներկաներուն ծանօթացուց նորաստեղծ կառոյցի անդամները՝ նշելով, որ անոր մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան տնտեսութեան զանազան ոլորտները ներկայացնող ձեռներէցներ: Փոխնախագահ Հիլտա Չոպոյեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ կը հետապնդեն հայ-ֆրանսական ձեռնարկութիւններու միջեւ գործնական շփումները խթանելու նպատակը: Արժեւորելով Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայկական սփիւռքներու միջեւ փոխադարձ համագործակցութիւնը, ընկերակցութիւնը նպատակադրած է Հայաստանը դարձնել գործակցութեան հարթակ՝ հայաստանեան, ֆրանսական ձեռնարկութիւններու՝ դրացի երկիրներու խոստմնալից շուկաներու հետ գործակցութեան:
Դեսպան Չիտեչեան շնորհաւորեց բոլորը եւ, մասնաւորապէս՝ նախաձեռնութեան հեղինակները, եւ նշեց, որ ընկերակցութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական համագործակցութիւնը խթանելու՝ ելլելով նաեւ այսօրուան նոր իրականութենէն. արդարեւ, Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութիւնը կարելիութիւն կու տայ ֆրանսացի ընկերութիւններուն Հայաստանի միջոցով մուտք ունենալ նաեւ ԵՏՄի շուկաներ: Հայաստան պատրաստ է աջակցելու ընկերակցութեան՝ գործարարներուն համար ստեղծելով բոլոր շահագրգիռ գործընկերներու հետ գործակցութեան բարենպաստ պայմաններ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ