By Asbarez | Wednesday, 30 September 2015
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Ռոյթըրզ>>.- Սեպտեմբեր 28ին սկսած ՄԱԿի 70րդ Ընդհանուր ժողովին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> նման ահաբեկչական ուժի մը գոյութիւնը պիտի չընդունինք եւ նշեց. <<Պատրաստ ենք Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ գործելու՝ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար>>, սակայն միաժամանակ աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար մաս կազմել փոխանցման հանգրուանին:
Օպամա յայտնեց, որ իսլամական կրօնքը ահաբեկչական նկատելը տգիտութեան արդիւնք է, ու նշեց, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ տեղահանուածներուն համար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լիպիան միջազգային օրէնքի խախտումով շղթայազերծուած պատերազմի մը ականատեսը դարձաւ, իսկ այսօր նոյնը տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, ուր ահաբեկիչներու հոսք մը կայ՝ ընդգծելով, որ անպայման պէտք է օժանդակութիւն տրամադրել Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ կառավարութիւններուն: Փութին կոչ ուղղեց կազմելու ընդլայնուած համապարփակ դաշինք մը՝ ընդդէմ ահաբեկչութեան եւ <<Իսլամական պետութեան>>:
<<Սուրիոյ մէջ ոչ ոք ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի բացի սուրիական բանակէն եւ քրտական ջոկատներէն>>, ըսաւ Փութին: Ան յայտնեց, թէ ահաբեկչութեան վտանգը կ՛աճի եւ աշխարհի վրայ դէպի նոր շրջաններ կը տարածուի, ներառեալ՝ Ռուսիա, եւ ընդգծեց, թէ իր երկիրը չի կրնար արտասահմանի մէջ կռուած ահաբեկիչներուն Ռուսիա վերադարձը արտօնել:
Ան նաեւ ըսաւ, որ ՆԱԹՕն կ՛ընդլայնուի, ինչ որ քաղաքական տագնապներ կը ստեղծէ, ինչպէս պատահեցաւ Ուքրանիոյ մէջ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպում ունեցած են Նիւ Եորքի մէջ եւ քննարկած սուրիական ճգնաժամի լուծումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ