By Asbarez | Wednesday, 30 September 2015
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի <<Սի.Էն.Էն.>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. <<Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ իշխանութեան գլուխ մնալը <<Իսլամական Պետութեան>> դէմ պայքարելու եւ զայն պարտութեան մատնելու միակ երաշխիքն է>>:
<<Երբ մեր առաջին նպատակն է ահաբեկիչները պարտութեան մատնել, ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ ու անոնց գոյութեան վերջ տալ, ապա կեդրոնական կառավարութեան աջակցելէն բացի այլընտրանք չունինք>>, նշեց ան:
Ռուհանի նաեւ ըսաւ, որ իր երկիրը պատրաստ է ազատ արձակելու ամերիկացի բանտարկեալներ, ինչպէս՝ <<Ուաշինկթըն Փոս>>չի լրագրող Ճէյսըն Ռազեանը, եթէ Միացեալ Նահանգներ ազատ արձակէ իր մօտ արգելափակուած իրանցիները:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց. <<Սուրիոյ շուրջ միջազգային կապի խմբակը, որուն մաս կը կազմեն Ռուսիան, Իրանը, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Եգիպտոսը, կրնայ Հոկտեմբերին գումարել ժողով մը>>:
Մինչ այդ, ռուսական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ օդուժը Հալէպի նահանգին մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ կատարած է շարք մը օդային յարձակումներ։ Ցամաքէն Ռուսիոյ օդուժին աջակցած է Սուրիոյ բանակը:
Գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուած են 120-140 իսլամ ծայրայեղականներ:
Ոչնչացուած են <<Ատրպէյճանական գումարտակ>>ը, Ռաքքայի մէջ մարտական պահեստները եւ հրամանատարութեան կեդրոնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ