«Անխախտելի Եղբայրութիւն» զօրավարժութիւնները սկսած են Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Thursday, 01 October 2015

1001CSTO

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> -  Սեպտեմբեր 30ին, Հայաստանի մէջ մեկնարկած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խաղաղապահ ստորաբաժանումներու <<Անխախտ եղբայրութիւն-2015>> զօրավարժութիւնները:


Զօրավարժութիւններու մեկնարկի արարողութեան մասնակցած են ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքով եւ ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Եուրի Խաչատուրով: Հնչած են ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի եւ Տաճիկիստանի քայլերգները եւ տեղի ունեցած է մասնակիցներու հանդիսաւոր քայլերթ:

Հայաստանի ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ Եուրի Խաչատուրով, մասնակիցները ողջունելով՝ ընդգծած է, որ Հայաստանի համար խաղաղապահութիւնը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի որպէս միջազգային յարաբերութիւններու լարուածութիւնները մեղմացնելու եւ ճգնաժամերը յաղթահարելու արդիւնաւէտ գործիք։ Ան աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿի մէջ ստեղծուած են խաղաղապահ ուժեր, որոնց կազմին մէջ են ԶՈւ անձնակազմեր, իսկ <<Անխախտ եղբայրութիւն>> տարեկան զօրավարժութիւնը խաղաղապահութեան նախապատրաստութեան գլխաւոր միջոցառումն է, որ լաւ հնարաւորութիւն կու տայ գործնական գետնի վրայ փորձառկելու գործող կամ մշակուող նախագիծերը:


Սոյն զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու զինուած ուժերու եւ ոստիկանութեան ստորաբաժանումներ, ինչպէս նաեւ՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի, ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի եւ քարտուղարութեան ներկայացուցիչներ:


<<Անխախտելի եղբայրութիւն-2015>> զօրավարժութեան հիմնական նպատակներն են ամրապնդել փոխըմբռնումը եւ համագործակցութիւնը խաղաղապահ զօրախումբերուն միջեւ, բարելաւել ստորաբաժանումներու կառավարման բոլոր մակարդակներու հրամանատարներուն գործնական հմտութիւնները, եւ հակամարտութեան դադրեցման ու մեկուսացման խնդիրներու լուծման համար միասնական մտայղացում մշակել:

comments

Advertisement