By Asbarez | Friday, 02 October 2015

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 30ին հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ իր գործողութիւնները ընթացք առած են՝ նշելով, որ ռուսական օդուժը հարուածած է զինուորական սարքեր, հաղորդակցութեան միջոցներ եւ զինապահեստանոցներ:
Նախարարութիւնը նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը փոխանակէ Միացեալ Նահանգներու հետ:
Իր կարգին, ամերիկացի պաշտօնատար մը <<Սի.Էն.Էն.>>ին յայտնեց, որ ռուսական օդուժը Սուրիոյ մէջ իր առաջին օդային յարձակումը գործած է՝ հարուածելով Հոմսի եւ Համայի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող թիրախներ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի առաքելութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու <<այդ երկիրի օրինական իշխանութիւններուն՝ այդ ծիրին մէջ թափած ջանքերուն աջակցիլն է>>:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ցուցաբերուելիք աջակցութիւնը օդուժի ճամբով պիտի ըլլայ. Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւններ պիտի չշղթայազերծուին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի իր կարգին յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ Փութին կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ, <<որովհետեւ, եթէ ան շարունակէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Իրանի եւ <<Հըզպալլա>>ի ի նպաստ կողմնակալութիւն ընել, ապա շրջանին մէջ սիւննի երկիրներուն հետ լուրջ հարց պիտի դիմագրաւէ, եւ ատիկա կրնայ նշանակել, որ կրնայ ինք նոյնիսկ այդ սիւննի ծայրայեղականներուն թիրախ դառնալ>>։
Քերի նշեց, որ իրենք կ՛աջակցին ռուսական օդային հարուածներուն, պայմանաւ որ Ասատի վարչակազմին աջակցութեան համար չըլլան անոնք:
Նաեւ, Սուրիոյ նախագահական պալատը հաստատեց, որ Ասատ ռուսական զինեալ ուժերը Սուրիոյ մէջ օգտագործելու խնդրանքով դիմած էր Փութինին։
Իսկ իսյայէլեան <<Հաարեց>> թերթը հաղորդեց, որ Ռուսիա իր օդային հարուածներէն ժամեր առաջ անոնց մասին տեղեակ պահած էր Իսրայէլը։
Վերջապէս, Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ ռուսական օդուժը իր դիրքերը հարուածած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ