Արթուր Աղաբեկեան բարձր գնահատած է ՀՕՄի ազգանուէր գործունէութիւնը Արցախի մէջ

By Asbarez | Friday, 02 October 2015

0930Aghapegian ARS

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>> -  Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան 29 Սեպտեմբերին ընդունած է Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան քանի մը անդամներ՝ Արմինէ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ:


Իր խօսքին մէջ Աղաբեկեան ընդգծած է Սփիւռքի մեծ դերակատարութիւնը Արցախի զարգացման մէջ: Ան անդրադարձած է հանրապետութեան մէջ իրականացուող ժողովրդագրական քաղաքականութեան՝ շեշտելով նաեւ սփիւռքահայութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Աղաբեկեան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է տնտեսական ընթացիկ ծրագիրներն ու յառաջիկայ նախագիծերը՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն դառնալու Արցախի կառավարութեան խօսնակները իրենց երկիրներուն մէջ:

Փոխվարչապետը յատուկ կերպով անդրադարձած է Արցախի մէջ ՀՕՄի գործունէութեան եւ ընթացիկ ծրագիրներուն՝ կարեւոր նկատելով 8 մանկապարտէզներու ֆինանսաւորումը: Ըստ անոր՝ ՀՕՄի նոր ընտրուելիք վարչութիւնը պէտք է հասկնայ մանկապարտէզներու կառուցման եւ ֆինանսաւորման կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ ասոնց տրամադրուած օժանդակութիւնը պէտք է շարունակական բնոյթ կրեն։ <<Ստեփանակերտում կառուցուող մանկապարտէզի նոր մասնաշէնքը, որը նախատեսուած է 130 երեխայի համար, առաջինն է լինելու, որն ունենալու է ռմբապաստարան, եւ իւրաքանչիւր ՀՕՄուհի համացանցի միջոցով մասնակիցն է լինելու մանկապարտէզի աշխատանքներին>>, յայտնած է փոխվարչապետը՝ աւելցնելով, որ կը նախատեսուի շէնքի շինարարութիւնը աւարտել 2016 թուականին:

Հանդիպման աւարտին Արթուր Աղաբեկեան պատասխանած է ՀՕՄականներուն հարցումներուն՝ յորդորելով գործօն մասնակցութիւն ունենալ Արցախի զարգացման գործին:

 


comments

Advertisement