Երեւան պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօսութեան համագումարը

By Asbarez | Friday, 02 October 2015

1001OIF
ՓԱՐԻԶ, <<Յառաջ>> - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ վերջերս Նիւ Եորք կը գտնուէր՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար, հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (OIF) անդամ երկիրներու նախարարներուն հետ: Նալբանդեան անոնց հետ քննարկած է OIF-ի նախարարական 31րդ համագումարին վերաբերող հարցեր, նկատի ունենալով, որ նշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 9էն 11, Երեւանի մէջ: Ան ըսած է, որ Հայաստանի համար պատիւ է հիւրընկալել միջազգային նման համագումար մը, որուն պիտի մասնակցին աւելի քան 80 երկիրներէ պատուիրակութիւններ:


comments

Advertisement