By Asbarez | Friday, 02 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ֆութպոլի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան խումբերու մաս կազմած ֆրանսահայ Եուրի Ճորքայէֆ Սեպտեմբեր 30ին ժամանած է Երեւան:
Ան Հայաստանի մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ, հեռացատկի Եւրոպայի մրցանակակիր Ռոբերտ Էմմիյեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Հոն այցելող երեխաներ տեսնելով՝ Ճորքայէֆ ըսած է. <<Այս իմ երրորդ այցն է Հայաստան: Նախապէս եկած եմ Ֆրանսայի նախկին նախագահներ Ժագ Շիրաքի եւ Նիքոլա Սարքոզիի հետ: Այս անգամ այլ նպատակներ ունիմ եւ ժամանակ ունիմ շրջելու Հայաստանի մէջ, հանգստանալո՛ւ: Եկայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Շատ կարեւոր է, որ յուշահամալիրի կրակը՝ լոյսը, երբե՛ք չի մարիր: Հոս տեսայ շատ երեխաներ, ինչ որ ինծի ուրախացուց: Այդ մէկը կարեւոր է, որ այս կրակը երբե՛ք չմարի>>:
Ֆրանսահայ ֆութպոլիստը այցելած է նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան:
Ճորքայէֆ Հայաստան ժամանած է մասնակցելու համար Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 3ին կայանալիք միջազգային կիսամարաթոնին, իսկ Հոկտեմբեր 2ին՝ <<Փիւնիկ>> ակումբի մարզադաշտին մէջ բարեգործական ֆութպոլի մրցումին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ