By Asbarez | Tuesday, 06 October 2015

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. <<Սուրիա արեւմուտքցի պաշտօնատարներուն նկատմամբ վստահութիւն չունի: Չենք կրնար լուրջի առնել անոնց յայտարարութիւնները>>, աւելցնելով, որ անոնք շփոթահար վիճակի մէջ են եւ յստակ պատկերացում մը չունին, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց ծրագիրներու իրագործման մէջ ձախողած ըլլալու զգացումը ունին: <<Սուրիոյ քաղաքական վարչակարգի հարցը սուրիական ներքին հարց մըն է>>, ըսաւ ան:
Ասատ նաեւ յայտնեց. <<Սուրիա, Ռուսիա, Իրաք եւ Իրան պէտք է յաջողութիւն արձանագրեն ընդդէմ ահաբեկչութեան, այլապէս՝ ամբողջ շրջանը պիտի քանդուի։ Այս դաշինքի յաջողութեան հաւանականութիւնը մեծ է>>:
Ասատ նշեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, <<որ թրքական հասարակութեան մէջ վիհեր յառաջացուց՝ սադրանքի մասին խօսելով եւ ընկերութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ խտրական վերաբերմունք ցուցաբերելով, աշխարհի վրայ որեւէ երկիր խրատելու դիրքի վրայ չի գտնուիր>>:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց այն <<սուտ տարաձայնութիւնները>>, թէ՝ ռուսական օդուժը միայն սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը կը հարուածէ:
Իր կարգին, Էրտողան Ֆրանսա մեկնելու նախօրեակին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կատարելով եւ Ասատին աջակցելով՝ <<մեծ սխալներ կը գործէ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ