«Հայաստան ունակ է իր զինուած ուժերով պահպանելու երկիրին անվտանգութիւնը». Պորտիւժա

By Asbarez | Tuesday, 06 October 2015

1006borduja1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> -  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժա 5 Հոկտեմբերին <<Բաղրամեան>> զօրավարժարանին մէջ <<Անխախտելի եղբայրութիւն-2015>> զորավարժութեան եզրափակիչ հանգրուանին լրա-գրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ իրենց համար միշտ կարեւոր եղած է նման զօրավարժութիւններու կայացումը: <<ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու պետութիւնները կ՛ուզեն ստեղծել ուժային արդիւնաւէտ համակարգ՝ ծրագրելով եւ կատարելով նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն Հաւաքական անվտանգութեան ուժերու մարտական պատրաստութեան բարձրացման>>, դիտել տուած է ան։


Անդրադառնալով սահմանային լարուածութեան ու Ատրպէյճանի կողմէ յաճախակի դարձած զինադադարի խախտումներուն՝ Պորտիւժա ըսած է. <<Հայաստան ունակ է իր զինուած ուժերով պահպանելու երկիրին անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Մեզի համար անընդունելի են, որ ռմբակոծուին Հայաստանի տարածքները եւ ծանր զինատեսակներ օգտագործուին խաղաղ բնակչութեան դէմ>>:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ ներկայ դրութեամբ ՀԱՊԿն պիտի միջամտէ՞ սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին՝ Պորտիւժա դիտել տուած է, որ իրենք կը միջամտեն միայն այն պարագային, երբ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններէն մէկը ի զօրու չ՛ըլլար ապահովելու անձնական անվտանգութիւնն ու կայութիւնը իր երկրին մէջ: Անոր համաձայն՝ ներկայիս Իրաքի, Սուրիոյ եւ աշխարհի այլ լարուած պայմաններու մէջ եղող շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը նկատի առնելով՝ պէտք չէ թոյլ տալ, որ թէժ կէտ մը եւս յառաջանայ։

<<Այստեղ կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ պետութիւնը պէտք է անձամբ դիմէ ՀԱՊԿին՝ օգնութեան խնդրանքով: Եթէ պետութիւնը դիմէ նման խնդրանքով, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը կը քննարկէ այդ երկրին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Ատիկա կրնայ ըլլալ քաղաքական, ֆինանսական կամ ռազմական օգնութիւն: Ամէն ինչ կախեալ է Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումէ, բայց խորքին մէջ շատ կարեւոր է այն հանգամանքը, որ պետութիւնը ի՛նք նման խնդրանք ներկայացնէ>>, հաստատած է ան։

comments

Advertisement