By Asbarez | Wednesday, 07 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան անդամներու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին:
Թրքական <<Ռատիքալ>> թերթը գրած է, որ Հոկտեմբեր 2ին Թուրքիոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան կողմէ ձերբակալուած 51 <<կասկածելի>>ներուն շարքին կան քրտամէտ կուսակցութեան նահանգային եւ շրջանային կառոյցներու ղեկավարներ: Ձերբակալուածներէն 25ը վկայութիւն տալէ ետք՝ ազատ արձակուած է, իսկ 26ը՝ բանտարկուած:
Վերջիններս կ՛ամբաստանուին <<զինուած խմբաւորման անդամակցելու>> կամ <<պետութեան միասնականութեան եւ երկրի ամբողջականութեան սպառնալու>> յանցանքներով։
Ձերբակալութեանց արշաւը շարունակուած է Հոկտեմբեր 6ին, երբ առնուազն 20 <<կասկածելի>>ներ կալանաւորուած են Անգարայի տարածքին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ