Ռուսիա Ուաշինկթընի հետ կը քննէ Սուրիական տագնապի լուծումները. Լաւրով

By Asbarez | Wednesday, 07 October 2015

0819Zarif-Lavrov

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը կատարուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խնդրանքով՝ պայքարելու համար <<Իսլամական պետութեան>> եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներուն դէմ, եւ նշեց. <<Ռուսիա կապի մէջ է Ուաշինկթընի հետ, քննելու համար սուրիական տագնապի լուծումները>>:


Լաւրով յայտնեց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ քանի մը անգամ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ եւ քննարկած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ու ռուսական բանակներուն միջեւ բախումի առաջքը առնելու կարելիութիւնները: Ան նշեց, թէ իր երկիրը առաջարկած է, որ երկու բանակները իրարու հետ մնայուն կապի մէջ մնան, եւ որ <<այդ հարցին շուրջ ամերիկեան կողմի պատասխանին կը սպասենք>>:


Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ռուսական պատերազմական օդանաւերը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ վերջին յարձակումները, եւ արդէն իսկ քանդած են Ճըսր Շղուրի մէջ ահաբեկիչներուն պատկանող հրետանիի դիրք մը:
Իր կարգին, Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը յայտարարած է, թէ սուրիացի քիւրտերը կը զօրակցին Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն, եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք կը նպաստեն Սուրիոյ տագնապի լուծման:

comments