Պապը կրնայ Հայաստան այցելել 2016ին

By Asbarez | Wednesday, 07 October 2015

1002pope

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Արեւելեան եկեղեցիներու գծով պապական նուիրակ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ քանի մը օր առաջ Հայաստան կը գտնուէր՝ մասնակցելու համար Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման, յայտարարած է, թէ հաւանական է, որ Ֆրանսիս պապը 2016ին Հայաստան այցելէ։


Հայաստանի մէջ կաթողիկէներու թիւը մօտաւորապէս 20,000 է։ Անոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Շիրակի մարզ, որուն կեդրոնն է Գիւմրի քաղաքը։


comments