Կասպից ծովու Ռուսական մարտանաւերը կը մինանան Սուրիոյ մէջ գործողութեանց

By Asbarez | Thursday, 08 October 2015

1008Syria

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռուսական օդուժի գործողութիւններուն կողքին, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին, <<Իսլամական պետութեան>> եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու դէմ արձակուած են Կասպից ծովուն մէջ խարսխուած ռուսական մարտանաւերէն հեռահաս հրթիռներ, որոնք, ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի՝ աւելի քան 900 մղոն հեռաւորութեան գտնուող թիրախներուն ուղղակի հարուածներ հասցուցած են՝ հեռու մնալով քաղաքացիական թիրախներէ։


Նոյն օրը, սուրիաիան բանակը քառակողմ ցամաքային յարձակում մը սկսած է Համա եւ Իտլիպ նահանգներուն մէջ։
Քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ բանակին հետ գործակցաբար, եւ այդպիսով կը տարբերին միջազգային դաշինքի գործողութենէն: Զախարովա նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուա ցամաքային ուժեր պիտի չուղարկէ Սուրիա, եւ աւելցուց. <<Ռուսիա մտադիր չէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին մաս կազմել, որովհետեւ այդ դաշինքին գործունէութիւնը, որ կը կատարուի առանց ՄԱԿի լիազօրման եւ առանց Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքին, ինք կը նկատէ ապօրինի>>:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով եւս յայտարարեց, որ Ռուսիա մտադրութիւն չունի Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւններու մասնակցելու՝ աւելցնելով, որ նախագահ Փութին յստակօրէն արտայայտուած է այս մասին։

Յիշեցնենք, որ Փենթակոնէն աղբիւր մը <<Սի.Էն.Էն.>>ին փոխանցած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու ներկայութեան, որովհետեւ նկատած է ցամաքային յարձակողական զէնքերու կեդրոնացում, ինչ որ ցամաքային գործունէութեան մը նախաքայլը կրնայ ըլլալ։ Ըստ անոր՝ անցած շաբաթներուն Լաթաքիոյ նաւահանգիստէն մեծաթիւ հրետանիի մուտքը նկատուած է:

<<Օրին, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը անոր նպատակը համարած էր Լաթաքիոյ նաւահանգիստի պաշտպանութիւնը, սակայն այժմ շարժումը այլ ուղղութիւն ստացած է եւ յառաջիկայ օրերուն ցամաքային գործողութեան մը հաւանականութիւնը ցոյց կու տայ անիկա>>, եզրակացուցած է ան:

Նաեւ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա սկզբունքով համաձայն գտնուած է Սուրիոյ վերեւ թռիչքները համակարգելու ամերիկեան առաջարկներուն:

Մինչ այդ, իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ ռուսական բարձրաստիճան զինուորական պատուիրակութիւն մը Թել Աւիւի մէջ սկսած է Սուրիոյ շուրջ համակարգում կատարելու եւ երկու կողմերուն միջեւ ակամայ բախումի մը վտանգը կանխարգիլելու շուրջ խորհրդակցութեանց՝ աւելցնելով, որ ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ Նիքոլայ Պոկտանովսքի:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ պատրաստ է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ Սուրիոյ հարցով <<սխալ հասկացողութեան>> շուրջ երկխօսութիւն կատարելու: Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան լրատուական բաժանմունքի աշխատակից Իկոր Միթիաքով, անդրադառնալով Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուելուն՝ յայտարարեց. <<Մեզի տեղեկութիւն փոխանցած են եւ ոչ թէ բողոքագիր>>:

Իր կարգին, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ կրկնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիոյ օդային տարածքի խախտումը <<պատահական արկած մը չի թուիր ըլլալ>>՝ նշելով, որ ռուսական իշխանութիւնները <<իսկական բացատրութիւն մը չտուին>>:

Յիշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ ռուսական օդանաւը Թուրքիոյ օդային տարածքը խախտած է սխալմամբ՝ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով:


comments