By Asbarez | Thursday, 08 October 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թրքական <<Ռատիքալ>> թերթը Հոկտեմբեր 7ին կը հաղորդէ, թէ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Պելճիքա այցելութեան ընթացքին ընդհարումներ տեղի ունեցած են Էրտողանի պահակներուն եւ պելճիքացի ոստիկաններուն միջեւ. անոնց ընթացքին բռունցքի հարուածներ փոխանակուած են։ Այս լուրին աղբիւրն է Պելճիքայի պատկերասփիւռի հաղորդումը։
Առաջին բախումը, որ աւելի հրմշտուքի նման էր, պատահած է Հոկտեմբեր 4ի իրիկունը, երբ Էրտողան ելոյթ կ՛ունենար Պելճիքա ապրող թուրքերու առջեւ, իսկ երկրորդ բախումը պատահած է Հոկտեմբեր 5ին, երբ Էրտողան կը ճառախօսէր <<Էկմոն>>չ հիմնարկին մէջ։ Այս մէկը աւելի ծանր էր, եւ բախումին ընթացքին թուրք պահակը ինքզինք գետին գտած է։ Հարցը ծագած է, երբ Էրտողան փափաքած է տեղ մը այցելել, եւ պահակները ուզած են անկէ առաջ քննութիւններ ընել տեղւոյն վրայ, սակայն ոստիկանները պնդած են, թէ այդ քննութեան պարտականութիւնը իրե՛նցն էր։ Բանավէճի ընթացքին կողմերը նախ զիրար հրմշտկած են, ապա իրարու դէմ բռունցքներ գործածած՝ առաջնորդելով թուրք պահակի զգետնումին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ