Ռուսիա եւ Հայաստան միջուկային անվտանգութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանակեն

By Asbarez | Thursday, 08 October 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հոկտեմբեր 7ին, Երեւանի մէջ ՀՀ ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեանի եւ <<Ռոսատոմ>> ռուսական պետական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Կիրիէնքոյի միջեւ կնքուած է Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ միջուկային անվտանգութեան շուրջ տեղեկութիւններու փոխանակման համաձայնագիր մը՝ <<Միջուկային վթարի դէպքում օպերատիւ ծանուցման եւ միջուկային ու ռատիացիոն անվտանգութեան ոլորտում տեղեկութիւնների փոխանակման մասին>>:
Կողմերը տեղեկութիւններ պիտի փոխանակեն ոչ միայն արտակարգ իրավիճակներու պարագային, այլեւ՝ խաղաղ աթոմի կառոյցներու ընթացիկ վիճակին մասին։

comments

Advertisement