Սթրազպուրկի հանդիպման՝ Էրտողան չմեղադրեց «Իսլամական Պետութիւն»ը. Վալերի Պուայէ

By Asbarez | Friday, 09 October 2015

1009valery

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ գրած է, որ Հոկտեմբեր 4ին, Սթրազպուրկի մէջ կայացած է <<Միլիոնաւոր ձայներ ընդդէմ ահաբեկչութեան>> խորագիրով հանդիպում մը, որուն մասնակցած է մօտաւորապէս 15 հազար հոգի՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Պելճիքայէն եւ Զուիցերիայէն։


Հաւաքին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ըրած է պահպանելու իրենց մշակոյթը՝ այդպիսով դիմակայելով ձուլման վտանգին:


Պուայէ նշած է, որ նախագահ Էրտողանի 2 ժամ տեւած ելոյթը լի էր իսլամական եւ ազգայնական կոչերով: Ըստ անոր՝ Էրտողան խօսած է նաեւ ահաբեկչութեան մասին, բայց չէ մեղադրած <<Իսլամական պետութիւն>>ը։


Պուայէ աւելցուցած է. <<1915 թուականի փախստականներու ժառանգորդները, որոնք ներկայիս ֆրանսական հողին վրայ կը բնակին, ստիպուած են հանդուրժելու ամբողջ Եւրոպայէն թուրք ազգայնականներու ժամանումը՝ համընդհանուր անտարբերութեան պաստառին վրայ:


Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, Թուրքիա տակաւին չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: Կը ցանկայի իմանալ, թէ այդպիսի հանդիպում մը ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է մեր երկիրին մէջ: Կ՛ուզէի իմանալ կառավարութեան դիրքորոշումը ֆրանս-թրքական յարաբերութիւններուն գծով>>:

comments