Մինսկի խումբի Ֆրանսացի համանախագահը սահմանի լարուածութիւնը անթոյլատրելի կր գտնէ

By Asbarez | Saturday, 10 October 2015

1010donoyan


ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան Հոկտեմբեր 9ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ, դեսպան Փիեռ Անտրէ: Հանդիպման ընթացքին երկու պաշտօնատարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը եւ անթոյլատրելի գտած են սահմանի լարուածութեան աճը:

Դեսպան Անտրէի խնդրանքով Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է անցեալ շաբաթներուն ընթացքին սահմանագիծին լարուածութեան աճի մանրամասնութիւններն ու հրադադարի խախտումներու հետեւանքները:


comments