Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը՝ Միջազգային Հանրութեան

By ARS | Monday, 12 October 2015



Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ Հայաստանի Երեւան քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ ՀՕՄի աշխարհի տարածքին գտնուող 22 երկիրներէ եկած ներկայացուցիչներու, կը զօրակցի Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, որոնք կը ռմբակոծուին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ:

Հակառակորդը շարունակականօրէն կը խախտէ հրադադարը, որուն հետեւանքով կրակոցներէն կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին անմեղ բնակիչներ, ներառեալ մանուկներ, կանայք եւ տարեցներ:

Ժողովս կը դատապարտէ անմարդկային անօրինական արարքները եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան դատապարտելու ու կասեցնելու նմանօրինակ խախտումներ:

ՀՕՄ-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 71ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ


comments

Advertisement