Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ վիզայի դիւրացման հարցեր կը քննարկուին

By Asbarez | Saturday, 10 October 2015

1010canada

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ հաւնական է, որ դիւրացուի վիզայի կարգը: Այս հարցը քննարկուած է Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9ին, Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Գանատայի Միջազգային զարգացման եւ Ֆրանքոֆոնիի հարցերով նախարար Քրիստիան Փարատիի՝ Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:


Նախարար Նալբանդեան նշած է, որ հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, Հայաստանն ու Գանատան աշխուժօրէն կը համագործակցին թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ ձեւաչափերով եւ վերջին շրջանին բարձրաստիճան շփումներու բազմապատկումը լաւ հիմք ստեղծած է յարաբերութիւններու առաւել զարգացման համար:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Ֆրանքոֆոնիի անդամ երկիրներու առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, մուտքի արտօնագրային կարգի դիւրացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:



comments

Advertisement