Անգարայի ահաբեկչական յարձակումի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 122ի

By Asbarez | Wednesday, 14 October 2015

1014Turkey

ՏԵՄԻՐԹԱՇ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՆԿԱՏԵՑ

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, <<Ռոյթըրզ>>, <<Մարմարա>>.- Հոկտեմբեր 12ին, հակակառավարական կարգախօսներ բացագանչող հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան Անգարայի մէջ, Շաբաթ օր տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի վայրը՝ սգալով զոհերը:


Նշենք, որ Շաբաթ օր երկու անձեր անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեցին քրտամէտ եւ ձախակողմեան գործիչներու դէմ, Անգարայի գլխաւոր կայարանին մօտ: Գործիչները հոն հաւաքուած էին՝ մասնակցելու խաղաղութեան ի նպաստ ցոյցի մը։


Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որուն համակիրները Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ տեղի ունեցած այս ցոյցին մէջ տիրական ներկայութիւն էին, յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը յարձակում գործած է իր ղեկավարներուն ու անդամներուն դէմ, երբ անոնք փորձած են դէպքի վայրը ծաղկեպսակներ զետեղել: Արձանագրուած են վիրաւորներ: Քրտամէտ կուսակցութիւնը նաեւ նշեց, որ Շաբաթ օրուան ականահարման զոհերու թիւը բարձրացած է 122ի:


Կիրակի օր տեղի ունեցած նման ցոյցի մը ընթացքին, ցուցարարներ կը բացագանչէին <<Ոճրագործ Էրտողան>>, <<Ոճրագործ ոստիկանութիւն>>: Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը փակած էր դէպի խորհրդարան եւ կառավարական շէնքեր առաջնորդող ճամբան:


Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր կարգին հերքած է իր կողմէ այդ դէպքին որեւէ մեղսակցութիւն: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու պնդած է, որ յանցագործը կրնայ ըլլալ <<Իսլամական պետութիւն>>ը, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը կամ ծայրայեղ ձախակողմեաններ:


Մինչ Թուրքիոյ ապահովական մարմիններէն պաշտօնատարներ կը փորձեն ոճիրի պատասխանատուութիւնը բերցնել <<Իսլամական պետութեան>> վրայ, <<Հիւրրիյէ>>չ կը նշէ, որ կարգ մը վերլուծաբաններ ակնարկած են, թէ դէպքի պատասխանատուները կրնան ըլլալ քիւրտերու յաւելեալ իրաւունքներու պարգեւման ընդդիմացող ազգայնամոլներ:


Յատկանշական է, որ ահաբեկչութեան գրեթէ բոլոր զոհերու յուղարկաւորութիւններուն ընթացքին իշխանութեան ներկայացուցիչները դիմաւորուած են բողոքի սուլոցներով ու վանկարկումներով։ Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի կամ անոր կուսակցութենէն ոեւէ երեսփոխան, յարձակումին յաջորդած քանի մը օրերուն ընթացքին յայտարարութիւն չկատարեցին՝ նախընտրելով լռութիւն պահել այս ծանր դէպքին ի տես։
Կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ <<գրեթէ ճշդուած են>> անձնասպանութիւն գործած երկու ահաբեկիչներուն անունները, սակայն կառավարութեան կողմէ գաղտնապահութեան որոշում տրուած է եւ մինչեւ որոշ ժամանակ՝ բացատրութիւններ պիտի չտրուին։ Կը շեշտուի, որ յարձակումը շատ կը նմանի Սուրուչի մէջ պատահած ռմբահարման դէպքերուն, որոնց զոհերուն մեծ մասը նմանապէս քիւրտեր էին։


Միւս կողմէ, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Անգարայի պայթումներուն եւ ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը օրինագիծ մը պիտի յղէ խորհրդարան, որպէսզի Անգարայի զոհերը պաշտօնապէս նահատակ հռչակուին։
Իր կարգին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, <<Սի.Էն. Էն.>> կայանի նշանաւոր լրագրող Քրիսթիան Ամանֆուրի հարցումներուն պատասխանելով՝ ըսաւ, որ Թուրքիոյ պատմութեան ամէնէն արիւնալի եւ բարբարոս յարձակումներէն մէկն էր Շաբաթ օրուան յարձակումը։ Ան ընդունեց, թէ տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան անձնասպանութեան դիմած ահաբեկիչներուն մասին, սակայն նշաններ կան, որ այս յարձակումը գործուած է <<Իսլամական պետութեան>> կողմէ՝ աւելցնելով. <<<<Իսլամական պետութիւն>>ը չի կրնար այսպիսի բան մը ընել, եթէ պետութեան մէջ իրեն զօրակցողներ չըլլան>>։ Այս հաստատումով, Տեմիրթաշ կառավարութիւնը ուղղակի պատասխանատու նկատեց յարձակումին։


Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին տիրացած թուրք արձակագիր Օրհան Փամուք եւս քննադատական յայտարարութիւններ ուղղեց նախագահ Էրտողանին՝ երկրէն ներս ստեղծուած վտանգաւոր վիճակին պատասխանատու նկատելով զայն։ Հարցազրոյց մը տալով իտալական <<Ռեփուպլիքա>> թերթին՝ Փամուք նշեց, որ ներկայ պայմաններուն տակ, Թուրքիա կրնայ յայտնուիլ դաւանանքային հակամարտութեան մը մէջ։ Ան Էրտողանը պատասխանատու նկատեց երկրէն ներս առկայ անապահով մթնոլորտին, որ իր դաժան դրսեւորումը ստացաւ Հոկտեմբեր 10ի Անգարայի ահաբեկչութեամբ։ Փամուք ցաւ յայտնեց, որ Էրտողանի <<վերջնական նպատակն է՝ ի գին ամէն բանի՝ հասնիլ միահեծան իշխանութեան>>։ Ան նաեւ մատնանշեց, որ Էրտողան երկար ատեն հրաժարեցաւ պայքարելէ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ, ապա համաձայնեցաւ՝ Ամերիկայի դրդումով, սակայն այժմ կը գնդակոծէ քիւրտերը։


Նշենք, որ Հոկտեմբեր 10ի Անգարայի ահաբեկչութեան վիրաւորներէն մէկն էր Ռուտի Սայաթ Փօլատեանը, որ վիրահատական գործողութեան ենթարկուելէ ետք՝ ապաքինման շրջան կը բոլորէ։


comments

Advertisement