Միջազգային դաշինքին եւ մեր ուժերուն միջեւ համակարգումով հետաքրքրուած ենք. Լաւրով

By Asbarez | Wednesday, 14 October 2015


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> -  Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ միութիւնը պէտք է պահպանուի սուրիացիներուն միջեւ համաձայնութեան գոյացումով։ Ան նշեց, որ ռուսական կողմը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի միջազգային դաշինքէն խնդրած է Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութեան դիրքերուն ու կեդրոններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել, սակայն պատասխան չէ ստացած՝ աւելցնելով. <<Սուրիոյ բանակը յաջողութիւն պիտի արձանագրէ գետնի վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Միջազգային դաշինքին եւ Սուրիոյ մէջ գործող մեր ուժերուն միջեւ գործակցութեամբ հետաքրքրուած ենք։ Մենք պատրաստ ենք <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պատերազմին մէջ ընդդիմութեան հետ գործակցելու>>:


Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Լիւքսեմպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն առաջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը <<անշո՛ւշտ կը փոխէ խաղի կանոնները>>՝ նշելով, որ ատիկա նաեւ <<մտահոգութիւն պատճառող կողմեր ունի>>:


Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա <<Սի.Պի.Էս.>> պատկերասփիւռի կայանի <<60 Վայրկեան>> յայտագիրէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը յոյս ունի, որ Ռուսիա եւ Իրան ճնշում կը գործադրեն Ասատի վարչակարգին վրայ: <<Մենք պատրաստ ենք աշխատելու դիւանագիտական ճամբով եւ ուր հնարաւոր է՝ աջակցելու չափաւորական ընդդիմութեան, որ կրնայ համոզել ռուսերն ու իրանցիները ճնշում գործադրելու Ասատի վրայ, իշխանութիւնը փոխանցելու համար: Սակայն, մենք պատրաստ չենք խառնուելու Սուրիոյ մէջ զինուորական արշաւին>>, յայտարարեց Օպամա: Ան քննադատեց Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ <<սխալ>> ռազմավարութիւնը՝ պնդելով. <<Այնքան ատեն, որ Ասատ իշխանութեան վրայ է, դժուար պիտի ըլլայ չափաւորական ընդդիմութեան ուժերը ուղղել <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի։ Տեղեակ ենք, որ Ռուսիա կը պատրաստուի յաւելեալ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիոյ, որովհետեւ կը վախնայ, որ Ասատի վարչակարգը տապալի>>:


Իր կարգին, Սուրիոյ բանակը յայտարարեց, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ազատ շրջանը, երբ իսլամ ծայրայեղական զինեալները իրենց ստացած հարուածներէն ետք հեռացած են շրջանէն: Սուրիոյ բանակը նաեւ յառաջացած է Լաթաքիոյ գիւղական շրջանները, ուրկէ զինեալները փախուստ տուած են դէպի Թուրքիոյ սահման:


comments

Advertisement